2011-06-08 12:42:38

ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահները ` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ, Ազրպէյճանէն անցնելով շփման գիծը, այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, միջնորդներուն մասնակցութեամբ Աղտամ-Պարտա ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ դիտարկում, որուն ընթացքին «զինադադարի դրութեան խախտումներ չարձանագրուեցան»:
Նախանցեալ օր համանախագահները Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ համանախագահները քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Քազանի մէջ 25 յունիսին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:
Հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ խաղաղապահ ուժերու մասին, որոնք պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ըստ Մամետեարովի, այդ ուժերը ո՛չ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող, ո՛չ ալ շրջանի երկիրներէն պիտի ըլլան:
Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը նշեն, որ նման համաձայնութիւն մը չկայ, քանի տակաւին յստակ չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.